Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կռփամարտի մեծերու հաւաքականը բաւական մեծ թիւով` 27 մարզիկով, սկսաւ ծաղկաձորեան հաւաքի մը:
Կարէն Աղամալեանի գլխաւորած հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուելու 21-31 մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մեծերու ախոյեանութեան:
Ասկէ բացի, հաւաքականին մարզիկները կը պատրաստուին նաեւ Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Նշուեցաւ, որ երիտասարդական հաւաքականի մարզիկներէն ոմանք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 14-19 փետրուարին Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը:
Երիտասարդական հաւաքականը` գլխաւորութեամբ մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրաբեանի, 19-28 փետրուարին պիտի մասնակցի Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքի մըն ալ:


