44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներու ուսումնասիրութեան նպատակով ստեղծուեցաւ Ազգային ժողովի քննիչ յանձնախումբ: Այս մասին նշուեցաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Յակոբ Արշակեանի ստորագրած յայտարարութեան մէջ:
Յանձնախումբի լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբը:
Յանձնախումբ ստեղծելու առաջարկ կառավարութեան ներկայացուցած էր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը, պատերազմէն ետք, սակայն Էտմոն Մարուքեանի ղեկավարած խմբակցութեան առաջարկին օրին իշխանութիւնը ընթացք չէր տուած:
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը 26 յուլիս 2021-ին յայտարարեց 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնախումբ ստեղծելու որոշման մասին, որուն մէջ պիտի ներառուին նաեւ արտախորհրդարանական ուժերը:


