Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, այսօր` երեքշաբթի, 8 փետրուարին, ընդլայնուած կազմով կը մեկնի Խարքով (Ուքրանիա)` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու համար նախկին Խորհրդային Միութեան անուանի վարպետ` Յովհաննէս Սահակեանի յուշամրցաշարքին:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յաբեթնակ Կուրղինեանի ղեկավարութեամբ մրցասպարէզ պիտի մեկնին հետեւեալ մարզիկները.
Արսէն Յարութիւնեան, Արման Անդրէասեան, Արման Աւագեան, Սերկէյ Սարգսեան, Լեովա Գէորգեան, Մանուէլ Խնձրցեան, Էդիկ Յարութիւնեան, Նորիկ Յարութիւնեան, Հրաչեայ Մարգարեան, Նարեկ Յարութիւնեան, Մենուա Եարիբէկեան, Մուշեղ Մկրտչեան, Մհեր Մարկոսեան եւ Յովհաննէս Մաղաքեան:
Ուքրանիա կը մեկնին նաեւ մարզիչներ Էտկար Ենոքեան եւ Արմէն Մալխասեան:


