Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն կիրակի օր իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ քննարկած է սէուտ-իրանեան բանակցութիւններու 5-րդ փուլի գումարման ուշացման պատճառները` աւելցնելով, որ այդ առնչութեամբ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցած է:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ յայտնեց. «Նախարար Հիւսէյն յայտնեց, որ իրաքեան կառավարութիւնը իր ամբողջ ջանքով կ՛աշխատի եւ իր բոլոր յարաբերութիւնները պիտի ներդրէ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւններու գոյացման համար յարմար առիթ ստեղծելու համար»:
«Երկու կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ երկու կողմերու թեկնածուներուն աջակցելու ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնն ու համակարգումը», աւելցուց հաղորդակցութիւնը:
«Երկու կողմերը քննարկեցին Ծոցի մէջ լարուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ վտանգը շրջանէն հեռացնելու եւ կայունութեան ու անվտանգութեան կացութիւն ստեղծելու կարելիութիւններ գտնելու կարեւորութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ իրաքեան կառավարութիւնը «պատրաստ է այս ոլորտին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունենալու»:
Երկու նախարարները յայտնած են, որ «շրջանի պատմութեան մէջ այս նուրբ ժամանակաշրջանին ընթացքին» պէտք է հաղորդակցութիւնը շարունակել:
Շաբաթ օր Իրանի նախագահական պալատը յայտարարեց, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնած է մինչեւ արդիւնքի հասնիլը Ռիատի հետ բանակցութիւնները շարունակելու:
«Ռայիսի շեշտեց, որ Ռիատ պէտք է պատրաստ ըլլայ մօտիկ ժամանակի մը ընթացքին փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի մթնոլորտի մը մէջ Թեհրանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու», նշուած էր նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:


