Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ ծանուցած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարը ոչնչացնելու գործողութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով Փենթակոնէն աղբիւրին:
«Սի.Էն.Էն.» կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ հակատագնապ մեքանիզմի մաս, Ռուսիոյ ըսած է, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող որոշակի տարածքի մէջ գործողութիւն պիտի կատարէ եւ առաջարկած է զերծ մնալ այդ տարածքին մէջ ներկայ գտնուելէն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն գիշերը ուղղակի կերպով Սպիտակ տունէն հետեւած է ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Իպրահիմ Հաշիմի Քուրէյշին ոչնչացնելու գործողութեան հիմնական փուլերուն: Այս մասին յայտարարեց Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փաքի:
«Գիշերուան ընթացքին նախագահը Սպիտակ տան մէջ ուղղակի կերպով հետեւեցաւ գործողութեան առանցքային պահերուն», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը հինգշաբթի օր գործողութիւն մը կատարած էին Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ` Իտլիպ նահանգին մէջ, այդ գործողութեան ընթացքին ալ սպաննած էին ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարը: Սպիտակ տունը հինգշաբթի օր հրապարակած էր այս մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի գրաւոր յայտարարութիւնը:


