Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Իսկ Մենք Ե՞րբ Պիտի Արթննանք Ու Հակազդենք…

February 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ քեզի ըսեմ, որ Քարին Իլէյն Ճոնսըն անունով դերասանուհի մը, իր մէկ «հակասեմական» արտայայտութեամբ փոթորիկ ստեղծած է միջազգային մամուլին մէջ եւ իր դիմաց գտած է հրեաներու պաշտպանները, վստահ եմ` հարց պիտի տաս. «Ո՞վ է եղեր այս կինը»: Սակայն եթէ գործածեմ` անոր բեմական անունը` Վուփի Կոլտպըրկ, դիւրաւ պիտի ճանչնաս զայն, որովհետեւ հռչակաւոր դերասանուհի է, բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, սեւամորթ է եւ… հրեայ:

Ի՞նչ է պատմութիւնը` պիտի հարցնես: Եթէ չես իմացած, քանի մը բառով` հետեւեալը:

Բրիտանական պատկերասփիւռի կայանէ մը սփռուող հարցազրոյցի մը պահուն, ընդհանրապէս խնդացող եւ խնդացնող այս աստղը յանկարծ «սայթաքում» մը ունեցած է եւ` ըսած, թէ հիթլերական Գերմանիոյ օրերուն հրեաներու սպանդը ցեղային նկատառումներով չէր եղած, այլ մարդուն կողմէ մարդուն հանդէպ անմարդկային վարմունքի արտայայտութիւն էր: Թէեւ կնոջ ըսածին մէջ սխալ բան չկայ, միջազգային մամուլն ու անոր պատանդը դարձած քաղաքական աշխարհը ունին իրենց «կարծրատիպերը», այսինքն, երբ կը խօսուի հրեաներու ջարդին մասին, կարելի չէ զայն դիտել ցեղասպանութեան շրջագիծէն դուրս, որքան ալ որ ճշմարտացի ու տեղին ըլլան այլ որակումները: Նման խօսք ըսողը կը պիտակուի իբրեւ «հակասեմական»:

Փոթորիկը պայթեցաւ ակնթարթային արագութեամբ` սկսելով զրուցակիցներէն: Կոլտպըրկ (որ, ի դէպ, շարժապատկերի աշխարհին մէջ յաջողելու դիտաւորութեամբ որդեգրած է հրեայ հնչող մականունը, նաեւ շատեր, մինչեւ իսկ ոչ հրեաներ դիմած են նոյն հնարքին) իր դիմաց գտաւ քննադատութիւններու հեղեղ մը, որ սպառնաց զինք վերածել Նոյեան տապանի: Կարգ մը կայաններ զինք բանադրանքի ենթարկեցին: Ան քանի մը ժամ ետք հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց` որոշ զանգուած մը սրդողումի մատնած ըլլալուն համար, յայտարարեց, որ իրեն տրուած բացատրութիւնները եղած են դաստիարակչական (66 տարեկանին ալ մարդ կրնայ դաստիարակուիլ):

***

Պատահարին ստեղծած փոթորիկին վրայ ծփացող հարցումները մէկդի թողունք (օրինակ` այն, որ նման «սայթաքում» արդեօք դիտումնաւո՞ր էր, որովհետեւ դերասանուհիին անցեալի կեցուածքները ծանօթ են), եւ դառնանք-նայինք «մեր կարապետ»-ին:

Աննախընթաց չէ, որ առաջնակարգ կամ երկրորդական դէմքերու, այսպէս կոչուած, «հակասեմական» (իմանալ` հրեաներուն նեղութիւն պատճառող) արտայայտութիւնները նման բուռն եւ անմիջական հակադարձութեան կը հանդիպին, եւ արտայայտուողը անմիջապէս ետքայլ կ՛ընէ: Ի՞նչ ընենք. մարդիկը գերզգայուն են հիթլերեան ահաւոր ոճիրին հետքերուն նկատմամբ, հոգ չէ, թէ Գերմանիա շատո՜նց ներողութիւն խնդրած է եւ հատուցումի պարտաւորութիւնն ալ` ընդունած, ամբողջ աշխարհը կը վճարէ այս կամ այն ձեւով: «Հոլոքոսթ»-ին զոհերն ու վերապրողները, անոնց ժառանգորդները չեն ըսած, որ այդ դատը իրենց (եւ իսրայէլեան պետութեան) համար օրակարգի հարցը չեն եղած…

Եթէ այս «երեւոյթ»-ը տեղափոխենք հայկական դաշտ, մենք մեզ կը գտնենք տարբեր «մթնոլորտի» մէջ, հակազդեցութեան տարբեր «ճաշակ»-ի դիմաց:

Հիթլերին ցեղասպանական ոճիր ներշնչած Թուրքիայէն (ցեղասպանութիւն եզրին հեղինակը իբրեւ սկզբնակէտ ունէր Հայոց ցեղասպանութիւնը) եւ անոր նորագոյն ոճիրներուն ձեռքը դարձած Ազրպէյճանէն Հայաստանի իշխանաւորները խաղաղութիւն կը մուրան, «խաղաղութեան եւ գործակցութեան առեւտուրի էջը կը բանանք» կը քարոզեն, մինչդեռ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, գրաւեալ տարածքներուն, թշնամական եւ ոճրային արարքները կը շարունակուին 44-օրեայ պատերազմի դադարէն աւելի քան 15 ամիս ետք:

Վարչապետն ու ձայնակիցները կը յայտարարեն, որ Հայ դատը Հայաստանի (իմանալ` հայութեան պետութեան) քաղաքականութեան օրակարգին վրայ չէ եղած, անիկա սփիւռքի ճիտին պարտքն է, որ` պէտք է փնտռենք այն պատճառները, թէ հայերս ինչո՞ւ թշնամացած ենք թուրքերուն հետ, կամ` կարելի չէ ընդմիշտ թշնամի մնալ, պէտք է Ազրպէյճանի կառուցողականութիւնը տեսնենք, Թուրքիայէն հասնող դրական նշաններուն ընդառաջենք եւ այլն: Նման «գիւտեր»-ով կը փորձեն համակրանք շահիլ եւ… կը վերընտրուի՜ն ալ, իսկ եթէ չվերընտրուին, շահող մրցակիցները կամ զանոնք արդարօրէն պաշտպանող դատաւորները հետապնդումի կ՛ենթարկեն:

Արցախի մեծագոյն մասին կորուստը, նաեւ Հայաստանէն հողապատառներու բռնագրաւումը մարսելու ելած են թուրք-ազերիին հետ, չեն կրնար տեսնել-կշռադատել ու խորաչափել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Թուրքիոյ հետ Ազրպէյճանի կնքած` Շուշիի պայմանագիրին խորհրդարանական որդեգրումը, փոխարէնը` կը փորձեն հայութեան հրամցնել «մարսողական ըմպելիներ»` հաւատալով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ հետ սահմաններուն բացումը շահաբեր է Հայաստանի համար, կը ծափահարեն դէպի Պոլիս (եւ այլուր) օդանաւային գիծերու վերաբացումը. քայլը կ՛արդարացնեն «առեւտուրին զարկ պիտի տանք» պատճառաբանութեամբ, մինչդեռ տակաւին Արցախի կորուսեալ հողերուն վրայ նահատակուած մեր զինուորներէն մաս մը կը սպասէ հանգիստ գերեզման մը գտնելու, եւ ի յայտ կու գայ, թէ պատերազմէն երկու ամիս ետք, Թուրքիայէն ներածումներու պաշտօնական արգելքը ինչպիսի՜ ձեւականութիւն, խաբկանք եւ քարոզչութիւն է եղեր…

Կը պատրաստուին Անթալիա փութալու, «բարեկամութեան էջի բացման» ճամբուն նոր քայլեր առնելու, եւ չեն անդրադառնար, որ Ազրպէյճանի արարքները «յարձակողական ու խաղաղութիւն արգելակող» որակող արտաքին գործոց նախարարութեան արտայայտութիւնները խորքին մէջ ինքնաժխտում ու ԻՆՔ-ՆԱ-ԴԱ-ՏԱ-ՊԱՐ-ՏՈ՛ՒՄ են, նման «յանցանք» կարելի չէ բեռցնել ազգային շահերու հետամուտ` ընդդիմադիրներուն ուսերուն:

Կը խանդավառուին եւ կը փորձեն խանդավառել (այսինքն` խաբել), որ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները պիտի ըլլան առանց նախապայմանի, մինչդեռ Թուրքիա նախապայմաններու երկար շարք մը ներկայացուցած է եւ Ազրպէյճանի հետ միաձայն` ամէն օր նոր մը կ՛աւելցնէ անոր վրայ (մաս մըն ալ իրականացուցած է արդէն). Արցախէն հրաժարում (հարցը փակուած կը հռչակեն), «Զանգեզուրի միջանցք», «Հայաստան բանակի պէտք չունի», նոր հողերու գրաւման սպառնալիքներ, Ցեղասպանութենէն բխած պահանջներէ հրաժարում (ի՜նչ զուգորդութիւն` Փաշինեանի նորագոյն «գիւտերուն» հետ), մինչեւ իսկ հայեւթուրք պայքարի խորհրդանիշ` հայ հերոսներու յուշարձաններու քանդումի պահանջ (արդեօք վաղն ալ պիտի պահանջե՞ն Թալէաթի ու Էնվերի արձանները կանգնեցնել Երեւանի կամ Գիւմրիի մէջ):

… Եթէ Կոլտպըրկ փորձէր նման կեցուածքներ ունենալ, արդեօք հրեաները զինք վարչապետ կ՛ընտրէի՞ն: Իսկ ինչո՞ւ բթացած է ակնթարթային նման հակազդեցութիւն ցոյց տալու մեր ժողովուրդին կարողութիւնը, եւ կ՛ուշանայ յանցապարտ վարչախումբը արդարութեան պատին դիմաց կանգնեցնելու պահը:

2 փետրուար 2022

Նախորդը

Տեսակէտ. Եկեղեցւոյ Քարտուղարութիւն

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անթալիոյ Դիւանագիտական Համախմբում»-ին Թակարդը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.