Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ, էմիրաթական զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար շէյխ Համատ պըն Զայետ Ալ Նահիան Պէյճինկի մէջ հանդիպում մը ունեցած են:
Քաթարեան պետական ՔԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխանը Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Փինկի շաբաթ օր` Պէյճինկի մէջ ձմեռնային ողիմպիական 24-րդ խաղերուն մասնակից պատուիրակութիններուն ի պատիւ հրաւիրած ընթրիքի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է շարք մը «եղբայրական ու բարեկամ երկիրներու ղեկավարներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ»:
Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ընթրիքի ընթացքին Քաթարի իշխանին հետ զրոյց ունեցած ղեկավարներու շարքին էր Ապու Տապիի գահաժառանգը, եւ անոնց ոչ պաշտօնական հանդիպումին լուսանկարը հրապարակեց:


