Նախկին մարմնամարզիկ, պալէ պարող Նաթալիա Ռոթենպերկ նշանակուեցաւ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ պիտի ղեկավարէ գեղարուեստական մարմնամարզութիւնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Այս լուրը հաղորդուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Վանոյեանի եւ փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի:
Այս հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցած էր ֆետերասիոնին մէկ ժողովը, որուն ընթացքին առաջադրուած էր Ռոթենպերկի թեկնածութիւնը:
Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի խորհուրդին որոշումով, Ռոթենպերկ նշանակուեցաւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ` գեղարուեստական մարմնամարզութեան գծով:


