Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մխիթարեան Միաբանութեան Գրադարանի Հանդէսները Այժմ Հասանելի Են Առցանց

February 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մխիթարեան միաբանութեան հանդէսներու թուային գրադարանը եւ կայքէջը թողարկուած են. անոնք կը ներկայացնեն 1794-1920 տպուած հայ մամուլէն հաւաքածոներ` թուայնացուած ու անվճար:

Առայժմ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի Աւագ Մենաստանի գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն թուայնացուած է աւելի քան 400.000 էջ: Թուայնացումի եւ հանրութեան անվճար տրամադրելի դարձնելու այս ծրագիրը համագործակցութեան արդիւնքն է` Մխիթարեան Միաբանութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանին միջեւ:

Թուային գրադարանի կայքէջը կը ներկայացնէ միաբանութեան գրադարանէն հաւաքածոներ, անոր նպատակն է մէկ հասցէով կամ յղումով ընթերցողն ու հետազօտողը առաջնորդել դէպի թուային նիւթերը, որոնք ամբարուած են Հիմնարար գիտական գրադարանին շտեմարաններուն մէջ եւ ցանկագրուած` ակադեմիային կողմէ: Թուայնացումի աշխատանքը շարունակական է, իսկ նիւթերը համապատասխան կայքէջերուն եւ շտեմարաններուն մէջ հասանելի պիտի դառնան իրենց պատրաստութեան կարգով:

Այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան եւ մեծածաւալ աշխատանքին շնորհիւ` հայ ժողովուրդի մշակութային գրաւոր ժառանգութիւնը հասանելի պիտի դառնայ հանրութեան` առցանց, անվճար ու բաց ձեւաչափով:

Ծանօթանալու համար ծրագիրին նպատակներուն, եւ կարդալու թուայնացուած մամուլը կարելի է այցելել թուային գրադարանին կայքէջն ու շտեմարանները`

https://arm.mechitaristlibrary.org/
https://arar.sci.am/dlibra/collectiondescription/11?language=hyw
http://vmc.sci.am/

Հիմնարկութեան ներկայ, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը եւ արձանագրուիլ լրատուին:

Նախորդը

Մեր Հոգու Սասունը, Կամ` Ինչպէ՞ս Սիրել Պարտուած Հայրենիքը

Յաջորդը

Տոքթ. Մայք Սարեան Ազգ. Առաջնորդարանի Ճամբով Կը Հովանաւորէ Լիբանանահայ 100 Աշակերտի Կրթաթոշակ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.