Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող անուանի պասքեթպոլիստ Սթեֆըն Քարի երէկ իր կազմին հետ արձանագրեց 122-108 արդիւնքով յաղթանակ մը` Հիուսթըն Ռոքեթցի դէմ, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով:
33 տարեկան Քարի, որ 35-րդ մրցումն ըլլալով քորթըրի մը ընթացքին կը նշանակէ 20 կէտէն աւելի (այս մրցումին 4-րդ քորթըրին` 21 կէտ), այսպիսով գերազանցեց Քոպի Պրայընթի մրցանիշը, որուն կը պատկանէր այս ցուցանիշը:
Նշենք, որ վերոնշեալ մրցումին ան ընդամէնը նշանակեց 40 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ:
Անոր կազմը, որ ցարդ կատարած է 51 մրցում (38 յաղթանակ, 13 պարտութիւն), այժմ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` արեւմտեան շրջանին մէջ:


