Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Անգարայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

February 2, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հրաւէրով երէկ մեկնած է Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է Հասանովը:

«Հապեր Կլոպըլ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ նաեւ տեղի ունեցած է Աքար-Հասանով հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են ո՛չ միայն երկկողմանի յարաբերութիւնները, այլ նաեւ շրջանային հարցեր:

Աքար Հասանովին ներկայացուցած է Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար տեղի ունեցած առաջին հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Հասանով երախտագիտութիւն յայտնած է արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ ցուցաբերած բարոյական եւ քաղաքական աջակցութեան համար: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է երկու եղբայրական երկիրներու ղեկավարներուն անկեղծ յարաբերութիւններուն բացառիկ ազդեցութիւնը զինուորական համագործակցութեան վրայ:

Անդրադառնալով միացեալ ռազմափորձերուն մէջ զինուորներուն ձեռք բերած փորձառութեան նշանակութեան, կողմերը նշած են նման քայլերու պարբերական կատարման կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է, որ Ազրպէյճանը պիտի ընդլայնէ Թուրքիոյ հետ զինուորական համագործակցութիւնը` իր պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու նպատակով, «ինչ որ շրջանին մէջ կայունութիւնը ապահովող հիմնական գործօններէն է», ըսած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներէն Ուքրանիա Հասած Է Զինամթերքով Բեռնաւորուած 5-րդ Օդանաւը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյց` Իսրայէլի Նախագահին Այցելութեան Դէմ

RelatedPosts

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ  Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք»  Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը
Միջազգային

«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք» Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.