Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց թենիսի միջազգային նոր դասաւորումը` հիմնուելով նախորդ շաբաթավերջին աւարտած Աւստրալիոյ կրան շլեմի մրցաշարքի արդիւնքներուն վրայ:
Տղոց աւարտական մրցումին, սպանացի Ռաֆայէլ Նատալէն պարտուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ զգալիօրէն բարելաւեց իր դիրքը` իր եւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչի հետ եղող կէտերու տարբերութիւնը բաւական նուազեցնելով:
Վերոնշեալ մրցաշարքէն առաջ Մետվետեւ անկէ ետ էր 2080 կէտով, իսկ այժմ` 890 կէտով:
Ճոքովիչ այժմ ունի 11.015 կէտ, իսկ Մետվետեւ` 10.125 կէտ:
Տիտղոսակիր Նատալ 6875 կէտով մնաց 5-րդ դիրքին վրայ:
Իսկ ռուսահայ Կարէն Խաչանով 30-րդ դիրքէն բարձրացաւ 27-րդ դիրքին:


