Քամերունի մէջ տեղի ունեցող Ափրիկէի ազգային խումբերու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտական հանգրուան հասնող խումբերուն անունները:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին իրարու դէմ կը մրցին Սենեկալ եւ Պուրքինա Ֆասօ, մինչ երկրորդին` Եգիպտոս եւ հիւրընկալ երկիրը` Քամերուն:
Քառորդ աւարտականին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Սենեկալ-Կինէա` 3-1, Եգիպտոս-Մարոք` 2-1, Կամպիա-Քամերուն` 0-2 եւ Պուրքինա Ֆասօ-Թունուզ` 1-0:


