Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթին համաձայն, Պարսելոնա կը բանակցի ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի փոխանցման հարցով:
Պարսելոնա 24 տարեկան ֆութպոլիստին համար կը պահանջէ 20 միլիոն եւրօ:
Եթէ պատահի, որ երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն չգոյանայ, ան յառաջիկայ ամրան անվճար պիտի միանայ մայրաքաղաքի կազմին` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը քաթալոնական կազմին հետ վերջ կը գտնէ այս տարեշրջանի աւարտին:
Նշուեցաւ, որ Տեմպելէ հրաժարեցաւ երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը եւ այդ պատճառով ալ հեռացաւ Պարսելոնայի հիմնական խումբին կատարած փորձերէն:


