Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի երիտասարդ յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ նախնական պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ռէալ Մատրիտի հետ, որուն անվճար պիտի միանայ գալիք ամրան ընթացքին, այս մասին յայտնեց գերմանական «Պիլտ» մարզական օրաթերթը:
23 տարեկան ֆութպոլիստը արքայական ակումբէն տարեկան պիտի ստանայ շուրջ 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Սեն Ժերմեն յոյս ունէր երկարաձգել համագործակցութիւնը Էմպափէի հետ, սակայն բանակցութիւնները սպասուած արդիւնքը չտուին:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցեցաւ 28 մրցումի, նշանակեց 19 կոլ եւ կատարեց 13 էսիսթ:


