Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պաշտօնական Պատուիրակութեան Մը Ընկերակցութեամբ Այցելեց Դամասկոս

February 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ Ալ Պուսայտի երէկ առաւօտուն պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հասաւ Դամասկոսի միջազգային օդակայան: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մքտատ իր օմանցի պաշտօնակիցը դիմաւորելով յայտնեց. «Սուլթանութիւնը Սուրիոյ կողքին կանգնած է ահաբեկչութեան դէմ անոր պատերազմին մէջ»:

Մքտատ լրագրողներուն յայտնեց. «Մեր երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները շարունակական եղած են եւ բազմաթիւ տարիներ չեն խզուած, եւ ասիկա Սուրիոյ մէջ տագնապի սկիզբով պիտի չսահմափակեմ»:

Պուսայիտի իր կարգին ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ այսօր գտնուելով հնադարեան Դամասկոս… գտնուելով եղբայրական Սուրիա, որ արաբական միացեալ աշխատանքի անկիւնաքարն է…»:

Պատասխանելով հարցումի մը` Պուսայիտի ըսաւ. «Բոլոր արաբ եղբայրները միշտ անհամբեր կը սպասեն Սուրիոյ հետ հանդիպումին ու արաբական միասնականութեան բնականոն կարգավիճակին վերադարձին, ուստի մեր բոլոր ջանքերը, իմ եւ արաբ եղբայրներուն ջանքերը ուղղուած են ատոր»:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող իւրայատուկ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական ու շրջանային վերջին զարգացումներն ու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

«Այն ինչ որ մեզի` արաբներուս կը պակսի, քաղաքական յարաբերութիւններու հայեցակարգի հիմեր դնելն է, եւ ժողովուրդներու շահերուն վրայ հիմնուած ողջմիտ երկխօսութիւն կատարելը», ըսած է Ասատ` նշելով. «Արաբական կացութեան եւ հասարակութեան փոփոխութիւններուն հետ աշխատանքը կը կարօտի քաղաքական մօտեցումը փոխել եւ մտածել` մեկնելով միջազգային բեմի վրայ մեր շահերէն եւ դիրքէն»:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարը Ասատին վստահեցուց Օմանի սուլթան Հայսամ պըն Թարեքի նախանձախնդրութիւնը Սուրիոյ նկատմամբ Օմանի հաստատ կեցուածքներուն նկատմամբ` նշելով, որ Սուրիան «արաբական աշխարհին մէջ կարեւոր սիւն մըն է, եւ անոր ուժեղ եւ քաջարի քաղաքականութիւններն ու կեցուածքները մարտահրաւէրներու դիմակայման մէջ անոր վրայ գրաւը կը մեծցնեն»:

«Սուրիա այցելութեանս նպատակը տարբեր ոլորտներու մէջ մեր յարաբերութիւնները խորացնելն է: Արաբական միասնականութեան վերականգնման ու անցեալի սխալները սրբագրելու եւ շրջանցելու համար արաբական պետութիւններուն կողմէ բարի ջանքեր կը գործադրուին», աւելցուց ան:

Նախորդը

Չաւուշօղլու Մանամայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Պահրէյնի Գահաժառանգին Հետ

Յաջորդը

Ֆրանք Լամփար Նշանակուեցաւ Էվըրթընի Մարզիչ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.