Եւրոպական Միութիւնը կազամատակարարման վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Ազրպէյճանի հետ, եթէ Ռուսիան որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այն պարագային, որ դիւանագիտութիւնը ձախողութեան մատնուի: Մենք կը սերտենք բոլոր տարբերակներն ու բեմագրութիւնները, ներառեալ աշխատանքը գործընկերներուն հետ, որոնցմէ են Միացեալ Նահանգները, Քաթարը եւ Ազրպէյճանը, այն պարագային համար, որ Ռուսիան որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները», կը նշուի Պորելի հաղորդագրութեան մէջ:
«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, նախապէս հաղորդած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է շարք մը երկիրներու հետ բանակցիլ մատակարարումներու ծաւալները աւելցնելու շուրջ:
Անցեալ շաբաթ Ազրպէյճան պատրաստակամութիւն յայտնած էր աւելցնելու կազամատակարարման ծաւալները, եթէ Ռուսիոյ հետ լարուածութիւնը խորանայ:


