Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը իր քաղաքացիներուն դարձեալ կոչ ուղղած է` լքելու այդ երկիրը, եւ առաջարկած է ուղիներ, որոնց միջոցով ատիկա կարելի է ընել:
«Ուքրանիոյ մէջ ապահովական կացութիւնը ռուսական զինուորական գործողութիւններու սպառնալիքներուն պատճառով կը մնայ անկանխատեսելի եւ կրնայ առանց նախազգուշացման վատթարանալ: Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիա գտնուող քաղաքացիները պէտք է մտածեն հիմա հեռանալու մասին` օգտուելով առեւտրական կամ այլ սեփական մեքենաներէն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Քաղաքացիներուն կ՛առաջարկուի մեկնիլ Մոլտովայի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու, որոնց շարքին Լեհաստանի, Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ տարածքով:
24 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քիեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակիցներու ընտանիքներուն հրամայած էր լքել Ուքրանիան` «ռուսական հաւանական միջամտութեան» պատճառով, եւ իր քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած էր զերծ մնալ երկու հակամարտող երկիրներ մեկնելէ:


