Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ վնասուածք ստացաւ, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Նիսի դէմ այսօր տեղի ունենալիք Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին, այս մասին յայտնեց փարիզեան կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
35 տարեկան ֆութպոլիստը, որ իր կազմին կատարած նախորդ մրցումին աջ սրունքի մկանային վնասուածք ստացաւ, շատ հաւանաբար այսօր ենթարկուի յաւելեալ քննութիւններու, որոնցմէ ետք կը յստականայ, թէ ան որքանո՛վ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարեց 5 մրցում եւ նշանակեց կոլ մը:


