Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Լիվըրփուլին մաս կազմող եգիպտացի միջազգային յառաջապահ` Մոհամետ Սալահ, որ այժմու իր կազմին հետ մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է, ցարդ իր պայմանագրութիւնը չէ երկարաձգած:
Առիթը յարմար գտնելով` լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը այժմէն իսկ կ՛աշխատի վերստին ձեռք ձգելու Սալահի ստորագրութիւնը, որ 2014-2016 ժամանակամիջոցին դարձեալ մաս կազմած է Չելսիին:
Վերոնշեալ ժամանակամիջոցէն ետք ան միացաւ իտալական Ա. Էս. Ռոմային:
Նշենք, որ Սալահի փոխանցման գումարը կը գնահատուի 100 միլիոն եւրոյով:


