Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլի բերդապահ Ալիսոն Պեքըր «ՎԱՐ» համակարգին սկսումէն ետք դարձաւ առաջին ֆութպոլիստը, որուն ստացած երկու կարմիր քարտերը մրցումի մը ընթացքին չեղեալ նկատուեցան` «ՎԱՐ»-ի կրկնապատկերը դիտելէ ետք:
Արդարեւ, Էքուատորի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք, Հարաւային Ամերիկայի գօտի), ան 26-րդ վայրկեանին մեծ քառակուսիէն դուրս գալով ոտքով գնդակը հեռացուցած պահուն հարուածեց մրցակից մարզիկին գլխուն:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը, ասոր ի տես, անոր տուաւ կարմիր քարտ մը, սակայն «ՎԱՐ»-ը այդ կարմիր քարտը չեղեալ նկատեց եւ իրաւարարը անոր տուաւ դեղին քարտ մը:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, անոր ցոյց տրուեցաւ այլ կարմիր քարտ մը, գնդակը բռունցքով հեռացնելու ժամանակ, դարձեալ մրցակիցին հարուած տալու համար:
Սակայն «ՎԱՐ»-ը անգամ մը եւս դէմ եկաւ օրուան կեդրոնի իրաւարարին տուած որոշումին եւ այդ որոշումը երկրորդ անգամ ըլլալով չեղեալ նկատեց:


