Ճափոնի առափնեայ պահպանութիւնը արձանագրած է Հիւսիսային Քորէայի կողմէ ճափոնական ծովուն ուղղութեամբ անյայտ հրթիռի արձակում: «Քորրեսփոնտընթ» կը գրէ, որ Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիսիտա այս հարցով Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրած է:
Հրթիռային ենթադրեալ փորձարկումներուն վերաբերեալ Ճափոնի վարչապետի գրասենեակին մէջ ստեղծուած է ճգնաժամային խումբ:
Աւելի ուշ, Ճափոնի կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Հիրաքաձու Մացունօ յայտարարած է, որ հակառակ անոր որ հրթիռի ճշգրիտ բնութագիրները տակաւին կը վերլուծուին, այսուհանդերձ կ՛ենթադրուի, որ թեւաւոր հրթիռի սովորական ցուցանիշներու հիմամբ` հրթիռը թռած է շուրջ 800 քիլոմեթր, հասնելով երկու հազար քիլոմեթր թռիչքի առաւելագոյն բարձրութեան, իսկ թռիչքի ժամանակը` շուրջ 30 վայրկեան:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ հրթիռը ինկած է Ճափոնի բացառիկ տնտեսական գօտիէն դուրս: Ճափոնի կառավարութիւնը «խիստ բողոք» յայտնած է ենթադրեալ հրթիռի արձակման դէմ:
Հարաւային քորէական զինուորական աղբիւր մը «Եոնհափ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէայի կիրակի առաւօտեան արձակած հրթիռին արագութիւնը հասած է 16 մախի, այսինքն` անիկա ձայնի արագութենէն 16 անգամ աւելի արագ էր:


