Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ երէկ 6-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին ան 6-3, 6-2, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իտալացի Մաթէօ Պերրեթթինիի դէմ` 2 ժամ եւ 56 վայրկեան տեւած ճակատումէ մը ետք:
6-րդ դասուած Նատալ աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ 2-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւը, որ կիսաւարտականի իր յաղթանակը արձանագրեց 4-րդ դասուած յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ` 7-6, 4-6, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ Մետվետեւ նախորդ տարի եւս հասած էր աւարտականին եւ պարտուած սերպ Նովաք Ճոքովիչէն:




