Լաչինի միջանցքի այլընտրանքային ճամբու Հաքարի գետին վրայ կամուրջի կառուցումը սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:
9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը յատուկ կէտ կը բովանդակէ 3 տարուան ընթացքին Լաչինի միջանցքին այլընտրանքային ճամբայ կառուցելու մասին: Յայտարարութեան 6-րդ կէտը կ՛ըսէ. «Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքին նոր ճամբու կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պիտի վերատեղակայուի` այդ ճամբան պաշտպանելու համար:
«Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքայիններու, փոխադրութեան եւ բեռնատար միջոցներու երկու ուղղութիւններով երթեւեկի անվտանգութիւնը»:



