Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը առկախելու որոշումը մեծ բաց մը պիտի ստեղծէ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ Սաատ Հարիրին փոխարինել:
«Հարիրիի բացակայութեամբ Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ Սայտայի մէջ պառակտում պիտի ստեղծուի, որովհետեւ Հարիրի նախապէս արգիլած է դէպի ծայրայեղութիւն հոսքն ու քաղաքացիական պատերազմը», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Անդրադառնալով Լիբանանին յանձնուած քուէյթեան յուշագիրին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ չկան արաբական պահանջներ, որոնց գործադրութիւնը անկարելի ըլլայ` աւելցնելով, որ այդ յուշագիրը կը բովանդակէր Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւը, «որուն գործադրութիւնը կարելի չէ, եւ անիկա պիտի չգործադրուի», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ արաբները լքած են Լիբանանը արաբական երկիրներուն դէմ Հըզպալլայի կողմէ միշտ կատարուող ցեխարձակումներուն պատճառով: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները այս իրավիճակին զոհերն են` աւելցնելով սակայն այն իրականութիւնը, որ բոլոր լիբանանցիները իրանցիներ չեն:
Ան նշեց, որ Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին ռուսական իշխանութիւններուն հետ համաձայնած է, թէ Լիբանանը լքելով արաբները զայն կը յանձնեն Իրանին:
Ան շեշտեց, որ այս կեցուածքին համաձայնութիւն յայտնած են նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով:
Ժոմպլաթ ակնարկեց Լիբանանին տրամադրուելիք արաբական օժանդակութեան` յստակացնելով, որ ինք կը փափաքի, որ այդ օժանդակութիւնները կատարուին հաստատութիւններու, ինչպէս` Մաքասետը, որբանոցներն ու ծերանոցները եւ այլ հաստատութիւններ, եւ ոչ թէ անհատներու:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այսօր Լիբանանի փրկութիւնը կը գտնուի 2022-ի պետական ամավարկին մէջ` աւելցնելով սակայն, որ այդ ամավարկը կը բովանդակէ կոպիտ սխալներ, որոնց սրբագրութենէն ետք միայն պէտք է զայն վաւերացնել:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ ինք քաղաքական կեանքին իր մասնակցութիւնը պիտի չառկախէ, եւ Մուխթարայի պալատին դռները բաց պիտի մնան: «Դուստրս` Տալիան կը գտնուի իր եղբայրներուն` Ասլանի եւ Թայմուրի կողքին: Անոնք են Մուխթարայի ապագան», ըսաւ ան:
Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ընտրական դաշինքը արդէն յստակ է:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ պետական նշանակումներ կատարել նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:



