Ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ելեւմտական վիճակը խոցելի է եւ դժուար` աւելցնելով, որ մենք մեր ուժերուն վստահելէ բացի այլ լուծում չունինք:
«Երկրին եւ ժողովուրդին վրայ ելեւմտական աղէտին տարողութիւնը լաւ կը զգամ», ըսաւ ան:
Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ պետական ամավարկին նկատմամբ ըմբռնում ցուցաբերելու եւ զօրակցելու մթնոլորտ մը գոյութիւն ունի` նշելով, որ 2022-ի պետական ամավարկը «կարելիի ամավարկ»-ն է:
Ան շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պետական մարզի պաշտօնեաներու պահանջներուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերելու` հաստատելով, որ անոնք, ներառեալ բանակայինները, նիւթական օժանդակութիւն պիտի ստանան:
Խալիլ ընդգծեց, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ, եւ նախարարները իրարու հետ գործակցելու եւ հարցերը բաց կերպով քննարկելու ու առաջարկներով ներկայանալու մօտեցում կը ցուցաբերեն:
Ան շեշտեց, որ երկրին տնտեսական ծանր տագնապը պատճառ դարձած է, որ արդիւնաբերական մարզը տարտղնուի, իսկ քաղաքացին եւս տնտեսական ու ընկերային խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուի:
«Այս ամավարկը շտապ իրավիճակի ամավարկ մըն է` պահպանելու համար երկրին հաստատութիւնները: Մաքսատնային տոլարը հիմնական հարց է, եւ անիկա պետութեան կը պատկանի: Մենք կը փափաքինք ատիկա անպայման գործադրել, որպէսզի կարենանք երկրին նիւթական մուտք ապահովել` ծախսերը հոգալու համար: Բայց եւ այնպէս սպառողը պէտք չէ զգայ, որ այս դրութեամբ իր վրայ տուրքերու յաւելում կ՛արձանագրուի», ըսաւ ան:
Խալիլ նշեց, որ իր համոզումով` այսօր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը փոփոխութեան ենթարկելը ազդու եւ իմաստուն քայլ մը չէ:



