«Եասմին» ձիւնամրրիկը սպիտակով պատեց Լիբանանը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանի Օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանանը հարուածած «Եասմին»-ը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ սաստիկ ցուրտը պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթավերջ:
Ըստ Օդերեւութաբանական գրասենեակին, ծովու մակերեսէն մինչեւ 500 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ ձիւնած է եւ ճամբաները սառցակալած, իսկ շրջանները ընդհանրապէս մշուշապատ եղած են:
Գրասենեակը կը զգուշացնէ քաղաքացիները սայթաքումի հաւանականութենէն:
Կը նախատեսուի, որ տեղատարափ անձրեւը շարունակուի նաեւ այսօր, ինչպէս նաեւ ծովու մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնէ:



