Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 8639 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 23.300 լ. ոսկիի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ քուէյթեան նախաձեռնութիւնը կը նկատուի Լիբանանը իր արաբական շրջապատին հետ կապելու վերջին առիթը: «Արդեօք լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի յանդգնի՞ն պատասխանել փրկութեան նախաձեռնութեան, երբ տակաւին ուշ չէ», հարց տուաւ ան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ տնտեսական ապաքինման ծրագիրը ապարդիւն դուրս պիտի գայ, այնքան ատեն որ երկրին սահմանները բաց են ամէն տեսակ մաքսանենգումի դիմաց:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա քուէյթեան նախաձեռնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է նկատի ունենայ երկրին շահերը եւ զայն ազատագրէ Հըզպալլայի տիրապետութենէն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն կողմէ Լիբանանին յանձնուած յուշագիրին ետին կայ Հըզպալլայի վրայ յարձակում: Ան նշեց նաեւ, որ 2022-ի պետական ամավարկը իր ներկայ վիճակով խորհրդարանին կողմէ չի կրնար վաւերացուիլ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ անցեալի եւ ներկայ փուլի քաղաքական հաղորդակցութիւնները պիտի շարունակուին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը անկարող է պատասխան մը տալ Լիբանանին յանձնուած քուէյթեան յուշագիրին, որովհետեւ ան Իրանի կուսակցութեան տիրապետութեան տակ կը գտնուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որոշումով Լիբանան կորսնցուց ներքին չափաւորականութեան սիւներէն մէկը` աւելցնելով, որ Հարիրիի ապագային համար ֆրանսական երաշխիքներ գոյութիւն ունին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն տրամադրած նախաձեռնութիւնը իսկական առիթ մըն է` Լիբանանը դուրս բերելու այն դժոխքէն, ուր թեւակոխած է:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Ներկայացուցիչը` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Յաջորդը

«Եասմին» Ձիւնամրրիկը Սպիտակով Կը Պատէ Լիբանանը. Սաստիկ Ցուրտը Պիտի Տեւէ Մինչեւ Շաբաթավերջ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.