Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիան` Հարաւային Կովկասէն Կեդրոնական Ասիա Հասնելու Նկրտումներով

January 26, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմին Ազրպէյճանին նեցուկ կանգնելով ու իր զինուորական ներկայութիւնը հաստատելով Ազրպէյճանի մէջ, աւելի ուշ 3+3 ձեւաչափով Արցախի հարցին լուծման մէջ եւս քաղաքական իր դերակատարութիւնը ամրագրելով` իր ազդեցութեան գօտին կը փորձէ հաստատել Հարաւային Կովկասի մէջ: Ռուս խաղաղապահներուն  ներկայութիւնը Արցախ-Ազրպէյճան սահմանին որոշ չափով սանձեց անոր ախորժակները:

Միւս կողմէ` Ղազախստանի քաղաքական լարուածութեան այս օրերուն Թուրքիա պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պատրաստ է օժանդակելու իշխանութիւններուն` հարցերու բարւոք լուծման ի խնդիր:  Այնտեղ ալ, սակայն, ռուսական վահանին դէմ յանդիման գտաւ ինքզինք:

Թուրքիա, ՕԹԱՆ-ի ծածկոյթով, թէ՛ համաթուրանական իր ծրագիրներուն համար Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ճամբով լայն դուռ կը փորձէ բանալ` պատեհ առիթին հասնելու թրքացեղ բնակչութեամբ երկիրներ` Ղազախստան, Թուրքմենստան, Խըրխըրզստան եւ Տաճկստան, թէ՛ որպէս ՕԹԱՆ-ի անդամ, ռուսական ներկայութեան հաշուոյն, Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջան իր թափանցման ուղին կը փորձէ գտնել:

Ինչո՞ւ Ղազախստանի մէջ սկսաւ զարգանալ գունաւոր յեղափոխութեան նոր երանգ մը` օգտագործելով կազի գիներու բարձրացման եւ կենցաղային այլ հարցերու առնչուող բնակչութեան դժգոհութիւնը:

Ղազախստանի աշխարհաքաղաքական դիրքի նշանակութիւնը կը կայանայ երկու հիմնական տուեալներու մէջ: Նախ` այն իրողութեան, որ այս երկիրը ունի հանքային նկատառելի հարստութիւն` ոսկի, զինկ, իւրանիոմ, քրոմ, երկաթ, ադամանդ եւ այլն: Երկրորդ` ան մէկ կողմէ Չինաստանի, միւս կողմէ ալ Կեդրոնական Ասիոյ իսլամական երկիրներու սահմանակից է:

Եթէ արեւմտեան երկիրներ թափանցելով Ղազախստան` ռուսական ազդեցութեան գօտին կը փորձեն նեղցնել, Թուրքիան Ղազախստանի վերոյիշեալ առաւելութիւններուն համար կը սրէ իր ախորժակը` ստեղծելու համաթուրանական միութիւն մը, որ կը հասնի մինչեւ Չինաստանի երեք կիրճերու ամբարտակ:

Այլ առումով, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պիտակին տակ եթէ Թուրքիա յաջողի Զանգեզուրի միջանցքի բացումը պարտադրել Հայաստանին, պիտի կարենայ ազատ եւ առանց որեւէ երկրի կողմէ վերահսկողութեան ենթակայ ըլլալու հասնիլ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա եւ, տնտեսական առեւտուրին կողքին, նոյնիսկ զէնք ու զինամթերք փոխադրել այդ միջանցքէն:

Թուրքիոյ այս նկրտումները յառաջիկայ տարիներուն  պիտի շրջանցեն կովկասեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջաններուն մէջ թէ՛ Արեւմուտքի, թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ Իրանի շահերը, եթէ այս երեք կողմերը լուռ մնան Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն դիմաց` իրենց ժամանակաւոր շահերը պաշտպանելու արդարացումով:

Թուրքիան յառաջիկայ տարիներուն, հաւանաբար արեւմտեան կողմերուն իսկ թոյլտուութեամբ, պիտի սկսի հրարել կրօնական, ցեղային կիրքեր, այնպէս` ինչպէս ըրաւ Սուրիոյ մէջ եւ բռնագրաւեց սուրիական տարածքներ, այս անգամ թափանցելու Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ եւ աստիճանաբար իր զինուորական, տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցութիւնը բանեցնելու:

Միւս կողմէ` Ազրպէյճան այս օրերուն առիթը օգտագործելով` պիտի փորձէ ամէն գնով արցախեան հարցը փակուած համարել եւ անտեսել ԵԱՀԿ Մինսքի ՄԱԿ-ի կողմէ օրինականացած դերակատարութիւնը: Ազրպէյճանի նախագահը այս պահանջը յստակօրէն  ներկայացուց լրատուամիջոցներու հետ հինգշաբթի, 13 յունուարի իր հանդիպումին ընթացքին` կրկին շեշտելով Զանգեզուրի միջանցքը գործարկելու հրամայականը:

Հայաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պիտակին տակ շատ բան կրնայ կորսնցնել, եթէ ընդառաջէ Զանգեզուրի միջանցք հաստատելու եւ արցախեան հարցը փակուած համարելու Թուրքիոյ նախապայմաններուն, եւ կորսնցնէ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիան սանձող գործօն ըլլալու իր առաւելութիւնը:

Դիւանագիտական յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ կարգաւորուելիք յարաբերութիւններ են, երրորդ երկիր մը, այս պարագային` Ազրպէյճան, առնչութիւն չունի եւ պէտք չէ թոյլատրել, որ ունենայ այդ կարգաւորման հետ:

 

Նախորդը

Մենք Մեզի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.