Սպանական Ռէալ Մատրիտի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի բնակարանը, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ, կողոպուտի ենթարկուեցաւ:
Այդ միջոցին ան իր ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Էլչէի դէմ մրցումին, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 22-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:
Նշուեցաւ, որ գողերը բնակարան մուտք գործած են տան ետին գտնուող այգիին կողմէ:
Վնասներուն մասին ցարդ ոչինչ կը յայտարարուի, մինչ ոստիկանութիւնը իր քննութիւնները կը շարունակէ կատարել:
Ֆրանսացիին բնակարանը 2019-ին եւս կողոպուտի ենթարկուած էր:



