Ֆրանսայի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ մը` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Ռեմը:
Նախորդ ամրան ընթացքին փարիզեան կազմին միացած սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նշանակեց տարեշրջանի իր առաջին կոլը իր նոր ակումբին հետ` 62-րդ վայրկեանին:
Իտալացի Մարքօ Վերաթթի նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (24-րդ), մինչ վերջինը նշանակեց փորթուգալցի Փերէյրա Տանիլու (75-րդ):
Իսկ երրորդը նշանակեց պելճիքացի Վաութ Ֆաս (67-րդ)` սխալմամբ իր բերդին մէջ:
Նշենք, որ ամսուան մը դադարէ ետք, ֆութպոլի դաշտերը վերադարձաւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ մրցումին 63-րդ վայրկեանին փոխարինեց իր ազգակիցը` Անխել Տի Մարիան:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմը 53 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 11 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` Նիսի վրայ:



