Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ պատերազմական օդանաւերը Սուրիոյ տարածքին վրայ առաջին միացեալ պարեկութիւնը կատարած են: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան լրագրողը:
Ռուսիոյ օդուժը ներկայացուած է «Սու-34» եւ «Սու-35» հալածիչներով, ինչպէս նաեւ «Ա-50» հեռահաղորդակցութեան յայտնաբերման օդանաւերով: Սուրիական կողմէն մասնակցած են «Միկ 23»-ը եւ «Միկ-29»-ը:
Ռուսերը թռիչքը կատարած են Հմէյմիմի ռազմակայանէն, սուրիացիները` Դամասկոսի մօտ գտնուող Սէյքալ եւ Տումայր օդակայաններէն: Գործողութեան ընթացքին առաջինները կատարելագործած են հարուածները վերգետնեայ թիրախներու դէմ, իսկ երկրորդները պատասխանատու եղած են օդային տարածքի եւ պաշտպանական զօրամասի հսկողութեան:
Պարեկութեան երթուղին անցած է Կոլանի բարձունքներուն երկայնքին, ապա հարաւային սահմանէն, Եփրատի երկայնքով դէպի վեր եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն վրայ: Բացի ատկէ, անձնակազմերը կատարած են հրթիռներու ուսումնական արձակումներ օդային թիրախներու ուղղութեամբ եւ խոցած երկրի կեդրոնական մասին մէջ տեղակայուած զինափորձարաններէն մէկուն մէջ գտնուող վերգետնեայ թիրախները:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ նման միացեալ թռիչքները պիտի դառնան կանոնաւոր:



