Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերուն` պատշաճ մակարդակով ապահովելու համար Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու շահերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Մեր պետութեան ղեկավարը` իբրեւ գերագոյն ընդհանուր հրամանատար եւ իբրեւ մեր երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը որոշող անձ, կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերուն` ապահովելու մեր անվտանգութիւնը եւ մեր շահերը», ըսած է Փեսքով:
Քրեմլինի բանբերին համաձայն, դժբախտաբար, Ռուսիան այժմ կ՛ապրի «յարձակողական միջավայրի մէջ»:
«Մենք կը կարդանք ՕԹԱՆ-ի երկիրներու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները, որոնք բացարձակապէս ոչ բարեկամական են, ուղղուած` մեր դէմ: Ասիկա այն իրականութիւնն է, որուն մէջ մենք կանք», եզրափակած է Փեսքով:
«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, Փեսքով աւելցուցած է, որ Քիեւի կողմէ Տոնպասի մէջ սադրանքներու սպառնալիքը այժմ շատ մեծ է, աւելի բարձր, քան նախապէս: Ան ըսած է, որ Քիեւ հսկայական ուժեր կեդրոնացուցած է շփման գիծին վրայ, ինչ որ կը վկայէ յարձակողական գործողութիւններու նախապատրաստման մասին:



