Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչման Մարմինի Հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին Հետ

January 25, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 22 յունուար 2022-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման մարմինը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Հանդիպման ընթացքին մարմինը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց 2022-ի ապրիլեան ձեռնարկներու ծրագիր-նախագիծը` խնդրելով վեհափառ հօր հովանաւորութիւնը: Հաւատարիմ մնալով Համազգայինի տասնամեակներու տեսլականին եւ առաքելութեան` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի կը ձգտի Հայոց ցեղասպանութեան անդրադառնալ քննական-վերլուծական բնոյթ կրող ձեռնարկով մը: Ձեռնարկ-սեմինարին նիւթն է` «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ», եւ ան կը նպատակադրէ ի մի բերել հայագիտական ոլորտի մասնագէտներ եւ երիտասարդներ: Քննական մօտեցումով տեղեկատուութեան առընթեր, ձեռնարկին նպատակներէն է շեշտադրել, մարդկային վնասներու կողքին, Ցեղասպանութեան գործած մշակութային եւ հոգեկան վնասները, վերլուծել զանոնք եւ վերարժեւորել աղէտին ահռելի ցնցումը` իբրեւ արուեստի արարիչ ուժ:

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց այս քայլը եւ գնահատեց քարացած ու հնաբոյր ձեռնարկներէն դուրս գալու Համազգայինի այս նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է սփիւռքը դրական «ցնցում»-ի մը ենթարկել ու դուրս բերել զայն իր «թմբիր»-էն, նոյնիսկ եթէ այս աշխատանքը երկար ժամանակի կը կարօտի եւ անխոնջ հաստատակամութիւն կը պահանջէ:

Յիշենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2022-ը հռչակած է «Սփիւռքի տարի», եւ սոյն ձեռնարկը նաեւ կը տեղադրուի գաղութներու կողմէ «Սփիւռքի տարուան» լիարժէք ներկայացումի ծիրին մէջ:

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Վերականգնման Ծրագիրի Ծիրին Մէջ. Հանրային Կանաչապատ Տարածքի Ստեղծում` Մարաշի Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ալիեւի Յայտարարութեան Վերաբերեալ Նամակ Մը Յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Եւ ԵԱՀԿ-ի Նախագահող Երկրի Դեսպաններուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.