Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը սկսաւ իր պատրաստութեան` շուտով տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով (Ասիոյ գօտի) կատարուելիք մրցումներուն:
Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանան 27 յունուարին հիւրը պիտի ըլլայ Հարաւային Քորէայի, մինչ 1 փետրուարին պիտի մրցի Իրաքի դէմ (Սայտայի մէջ):
Նշենք, որ այս խմբակին պարագլուխի դիրքը 16 կէտով կը գրաւէ Իրան, իսկ անոր ետին երկրորդ դիրքը` Հարաւային Քորէա, 14 կէտով:
Լիբանան, որ ունի միայն 5 կէտ, կը գրաւէ չորրորդ դիրքը:
Վերոնշեալ երկու մրցումներէն Լիբանանէն պիտի բացակայի Պասել Ժըրատի, որ պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան:



