Երէկ` կիրակի, 23 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ճատրակի տղոց 2022 տարուան ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Առաւելագոյն 11 կէտէն 8 կէտ ապահովելով եւ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ոչ մէկ պարտութիւն կրելով` Հայաստանի 2022 տարուան ախոյեան հանդիսացաւ Մանուէլ Պետրոսեան:
Տղոց 82-րդ ախոյեանութեան փոխախոյեան հանդիսացաւ Հայկ Մարտիրոսեան (7,5 կէտ), իսկ լաւագոյն եռեակը ապահովեց նոյնքան կէտ ապահոված Շանթ Սարգսեան:



