Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Ուքրանիոյ Մէջ Իրադարձութեան Շուրջ Առարկայական Իրողութիւնները Հերքել» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

January 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտնեց, որ ամերիկացիներուն քանի մը ժամուան մէջ երեք փաստաթուղթեր հրապարակելը ռուսական իշխանութիւնները «բացայայտելու» փորձ մըն է:

«Ուաշինկթըն կը շարունակէ հարցերը մեծցնել եւ օճառի փուչիկ փչել, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութեան շուրջ առարկայական իրողութիւնները հերքել», նշած է Անթոնով:

Ռուսիոյ դեսպանը յայտնեց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին նախօրեակին Միացեալ Նահանգներու կողմէ այդպիսի քայլերը Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ քննարկումները դէպի Ուքրանիոյ դէմ ռուսական ենթադրեալ յարձակումի հարց շեղելն է:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախապէս յայտնած էր, որ ռուսական զինեալ ուժերը Ռուսիոյ հողերուն մէջ կը շարժին` նշելով, որ ատիկա ոչ ոքի կը սպառնայ: Ռուսական իշխանութիւնները շեշտեցին, որ Ուքրանիոյ դէմ ռուսական ենթադրեալ ներխուժման մասին յայտարարութիւնները իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործուին Ռուսիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ՕԹԱՆ-ի ենթակառոյցներ ստեղծելու համար:

Միւս կողմէ, 10-20 փետրուարին տեղի ունենալիք յառաջիկայ «Միութենական վճռականութիւն-2022» ռազմափորձերու համար Ռուսիայէն Պիելոռուսիա ուղարկուած են «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու երկու զօրակազմ: Ռուսիայէն Պիելոռուսիա պիտի տեղափոխուին նաեւ 12 «Սու-35» օդանաւ եւ «Փանցիր-Ս» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու զօրամասեր:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են այդ ռազմափորձերուն նկատմամբ` զանոնք կապելով Ռուսիոյ` Ուքրանիա «ներխուժման»: Միացեալ Նահանգներ նաեւ նշած են, որ ամենայն հաւանականութեամբ պատերազմը պիտի սկսի փետրուարի կէսերուն, ռազմափորձերու օրերուն:

 

Նախորդը

Իրան Ռուսիոյ Կ՛առաջարկէ Իր Եւ Ազրպէյճանի Տարածքով Կազի Մատակարարման Փոխանակում Կատարել

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յայտնած Է Այն Մարդուն Անունը, Որուն «Մոսկուան Կ՛ուզէ Ուքրանիոյ Մէջ Իշխանութեան Բերել». Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.