Իրան Ռուսիոյ առաջարկած է կազի մատակարարումներու փոխանակում կատարել իր տարածքով: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան քարիւղի նախարար Ժաւատ Օվճի:
«Ռուսիա կատարած ընթացիկ այցելութեան ժամանակ քննարկուած են Իրանի տարածքով ռուսական կազմի փոխանակումները», ըսած է իրանցի նախարարը:
Օվճի ընդգծած է, որ Իրան վերջին ամիսներուն իր տարածքով կազ կը մատակարարէ Թուրքմենիստանէն Ազրպէյճան:
«Նման ձեւով մենք առաջարկած ենք ռուսական կազի փոխանակում` Ազրպէյճանէն Իրանի հարաւ` ատոր հետագայ արտածման նպատակով», ըսած է իրանցի նախարարը:
Ըստ Օվճիի, «հեղուկ կազը կարելի է արտածել երկրի որեւէ հատուած»:



