Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցումը Պիտի Տեւէ 10-12 Տարի. Մասնագէտները Պիտի Վերապատրաստուին Ռուսիոյ Մէջ

January 24, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մասնագէտները նոր հիւլէական կայանին, որ «Ռոսաթոմ»-ը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ կառուցել, պիտի վերապատրաստուին Ռուսիոյ մէջ: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Հայկական հիւլէական ելեկտրակայանի ընդհանուր տնօրէն Էդուարդ Մարտիրոսեան:

«Ռուսիոյ մէջ, ինքնին Ռուսիոյ մէջ», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ պիտի վերապատրաստուի հիւլէակայանի ապագայ անձնակազմը:

Գործող Հայկական ԱԷԿ-ի ներուժը երկարաձգուած է մինչեւ 2026 թուական, որմէ ետք, ըստ Մարտիրոսեանի, կարելի պիտի ըլլայ յաւելեալ 10 տարիով երկրորդ երկարաձգում: Ան նշած է, որ նոր կայանի շինարարութիւնը պիտի տեւէ շուրջ 10-12 տարի:

«Եւ այդ ժամանակ հարց պիտի ծագի նոր հիւլէական կայանի աշխատակազմի դարբնոցին առնչուած, անոնք ռուսական բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ են… Որովհետեւ մեր (գործող) կայանին մէջ մասնագէտները վերապատրաստուած են եւ կը վերապատրաստուին եւ իրենց որակաւորումը կը բարձրացնեն ռուսական բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու մէջ», ըսած է Մարտիրոսեան:

Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանը կը սերտէ «Ռոսաթոմ»-ի կողմէ հանրապետութեան մէջ ռուսական նախագիծով ցած հզօրութեան հիւլէական կայանի կառուցման կարելիութիւնը:

«Քննուած է փոքր կայաններու հարցը… «ՃէօՓրօՄայնինկ-Արմենիա» համալիրի համար Զանգեզուրի մէջ նման կայան կառուցելու կարելիութիւն կայ», ըսած է Մարտիրոսեան:

Յիշեցնենք, որ ռուսական «Ռոսաթոմ» ընկերութիւնը եւ Հայաստանը յուշագիր ստորագրած են նոր հիւլէական ուժանիւթի պլոքներու շինարարութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին: Յուշագիրը ստորագրուած է անցեալ հինգշաբթի` «Էքսփօ-2020» համաշխարհային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ:

Յուշագիրին մէջ կ՛ընդգծուի, որ «Ռոսաթոմ» պետական ընկերութեան եւ Հայաստանի հիւլէական ուժանիւթի ղեկավարութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են` համագործակցելու ռուսական տիպի նոր հիւլէական ուժանիւթի պլոքներու կառուցման կարելիութեան մշակման գործին մէջ: Աշխատանքները կը նախատեսուի իրականացնել Հայաստանի հիւլէական կայանի տարածքին մէջ:

 

Նախորդը

Մաղրիպիի Գրադարանին Մասին Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Յաջորդը

Արմէն Սարգսեանը Որոշեց Հրաժարական Տալ Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնէն

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.