Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6381 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 23.200 լ. ոսկիի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ տնտեսական բարեկարգումը կը սկսի քաղաքական ու ազգային ուղեգիծի բարեկարգումով եւ ոչ թէ ժողովուրդը յաւելեալ տուրքերու ենթարկելով: Ան զգուշացուց 2022-ի պետական ամավարկին մէջ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու քայլէն:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան քարոզին մէջ հաստատեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը արկածախնդրութեան ենթարկելը ոճիր է` աւելցնելով, որ պահանջուածը Լիբանանը փրկելու արագ աշխատանքի մը ձեռնարկելն է:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կայ մարդկային հսկայ ներուժ` աւելցնելով, որ ինք վստահ է, որ լիբանանցիները պիտի կարենան դիմակալել երկրին սպառնացող այս տագնապը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց մշակելու պետական հաւասարակշռուած ամավարկ մը, որուն թիւերը աղքատներուն հաշուոյն չեն ըլլար:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց անմիջապէս սրբագրելու 2022-ի պետական ամավարկին մէջ ներառուած այն խախտումը` ըստ որուն լիբանանցիները պատասխանատու կը նկատուին երկրին տնտեսական փլուզումը բարեկարգելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Սաատէ յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը կը նշանակէ լիբանանեան պետութեան աւարտը: Ան շեշտեց, որ նման ամավարկի վաւերացումով երկիրը կ՛ուղղուի դէպի ամբողջական քանդում:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը ոչ մէկ նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին` առանց բարեկարգումներու գործադրութեան յստակ ժամանակացոյցի մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ պետական ամավարկով վաւերացուելիք յաւելեալ տուրքերն ու մաքսատան ծախսերուն յաւելումը ժողովուրդին ցաւերը պիտի բազմապատկէ, ինչպէս նաեւ մաքսանենգումի համեմատութիւնը բարձրացնէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ իրենք կը յարգեն Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի որոշումը` ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու իմաստով: Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրական դաշինքները տակաւին սերտուելու փուլին մէջ կը գտնուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ անդրադարձաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը չառաջադրելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն եւ ըսաւ. «Ամէն ինչ հաւանական եւ քննարկումի ենթակայ է»:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը ամօթի ամավարկ է` աւելցնելով, որ այդ ամավարկին վաւերացման համար թեր քուէարկողը ամօթի կնիքը կրող երեսփոխան պիտի նկատուի:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ միամտութիւն է մտածել, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մասնակցութիւնը անոր ինքնուրոյն որոշումն է: «Որոշումը այլ տեղ է: Հարիրի պիտի ըլլայ առաջին դուրս եկողը եւ անոր պիտի յաջորդեն ուրիշներ: Լիբանան ոտքի պիտի կանգնի երկա՜ր տառապանքէ ետք», շեշտեց Ուահապ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց փութալ վաւերացնելու պետական ամավարկ մը, որ կ՛արտացոլէ պահանջուած բարեկարգումները: Ազգային ազատ հոսանքը նշեց, որ պետական ամավարկի մշակումին պարագային որոշ զգայուն եւ ճակատագրական հարցերու շուրջ ելեւմուտքի նախարարին շնորհուած արտակարգ լիազօրութիւնները վտանգաւոր յառաջխաղացք կը նկատուին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կան տուեալներ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ: Ան աւելցուց, որ սիւննի համայնքը պաշտօնապէս պոյքոթի չ՛ենթարկեր երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկը իսկական խայտառակութիւն մըն է, անիկա մշակուած է այնպիսի ձեւով, որ աղքատը աւելի եւս աղքատանայ, իսկ հարուստը` հարստանայ:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առցանց Հանդիպում Ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդներուն Հետ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հըզպալլայի Աքթերը Կը Սպառնան Լիբանանցիներուն Անվտանգութեան»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.