Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Զոհն Անգամ Շատ Է

January 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մակար ի Գաղիա

Յունուարի ցուրտ հինգշաբթի: Համաճարակի զոհ ազգայինի մը թաղումն էր: Եկեղեցի գացեր էի: Հոն էր յարգանքի տուրքէ չխուսափող Կեդրոնականցին: Երեւելիներ չկային: «Ի վերին Երուսաղէմ»-էն եւ «Հայր մեր»-էն ետք ուղղուեցանք գետնուղի:

Հանգուցեալի մասին Արմենակ հետեւեալը պատմեց.

– Լաւ մարդ էր, ծառայասէր, իրատես եւ խօսքը ուղիղ ըսող էր: Քանի մը շաբաթ առաջ բուռն վէճ մը ունեցեր էր  իշխանասէր-հայաստանասէրի մը հետ:

– Արմենա՛կ, հիմա ամէն տեղ վիճողներ կան, կը ներշնչուին ասդիէն-անդիէն լսուածէ: Հայաստանի Ազգային ժողովի կողմերը սփիւռքի մէջ ալ երկրպագուներ ունին, տեսակէտներ կը պաշտպանեն:

– Հանգուցեալը խօսակիցի մը ըսած է, որ 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներուն թիւը տեւաբար կ՛աճի: Երե՞ք, հի՞նգ, եօ՞թը, տա՞սը հազար: Թիւը վերջնական չէ, քանի որ դեռ կը գտնուին կամ կը յանձնուին աճիւններ: Ըսած է, որ երբե՛ք պիտի չգիտցուի մեր կորուստներուն թիւը:

Խօսակիցը ինքզինքին տալով իշխանութեան բանբերի դեր` ըսած է.

– Ինչ որ կ՛ըսես, հակաիշխանութիւն քարոզչութիւն է, կը կրկնես ընդդիմութեան չարախօսութիւնը: Պաշտօնապէս ըսին, որ զոհերուն թիւը չորս հազարէն պակաս է: Այդ թիւը աճեցնելով` կ՛ուզեն իշխանութիւնը վարկաբեկել:

Հանգուցեալը ողջմիտ մարդու պատասխան տուած է.

– Հազարներու թիւը չէ էականը, այլ նոյնիսկ` մէկ երիտասարդի կորուստը: Մէկ հոգիի կորուստն անգամ շատ է, իշխանութիւնը պատասխանատու է մէկ կեանքի կորուստի համար ալ: Կորուստները նպարավաճառի տետրակի մէջ գրուած թիւեր չեն:

Իշխանասէր-հայաստանասէրը, անցեալի «ժողովուրդներու պզտիկ հայր» Ստալինը խուփ ականջներով եւ աչքերով երգողներու պէս,  դժգոհութեամբ ըսած է.

– Ձեզիպէսները, Հայաստան եւ դուրսը, կ՛ուզէք, որ նախկինները գան եւ շարունակեն կողոպուտը, կոռուպցիան:

Հանգուցեալը ըսած է.

– Բարեկա՛մ, կը կարդա՞ս Հայաստանի թերթերը, կը լսե՞ս պարգեւավճարներու, առանձնատուներու, ընտանիքի անդամներով ճամբորդութիւններու, անոնց տրամադրուած զրահապատ ինքնաշարժներու, թիկնապահներու  ընկերակցութեամբ տեղափոխութիւններու եւ այլ ճոխութիւններու մասին:

– Այդ բոլորը իշխանութեան վարկաբեկման ծառայող քարոզչութիւն է,- ըսած է հայաստանասէր-իշխանասէրը:

Արմենակ ըսաւ, որ գնացքի ժամանումը վերջ տուած է գետնուղիական (մեթրոյական) քաղաքական բանավէճին: Եւ միշտ արեւելքցի կամ մերօրեայ քաղաքագէտ ֆաքիրներու պէս, աւելցուց.

– Մակա՛րս, մի՞թէ «ժողովուրդներու պզտիկ հայր» Ստալինի, ներսի եւ դուրսի անփոխարինելի մեծ կամ պզտիկ ստալիններու հանդէպ առանց նախապայմաններու սէր ունենալու վարքը մեր ազգային բա՞րքն է ու փա՞ռքը:

Համաճարակին պատճառով հոգեճաշ չկար,  եւ հազիւ դագաղակիր կառքը մեկնած` սգակիրները անհետացան:

Հանգուցեալին եւ իր խօսակիցին վէճը պիտի շարունակուի գործատեղիներու, սրճարաններու մէջ եւ փողոցը, գետնուղիի քարափին կամ հանրակառքի կանգառին:

Արմենակ փիլիսոփայեց.

– Չկայ իրաւ սէր` առանց կիրքի, իսկ կիրքը կը տեւէ նաեւ առանց սիրոյ:

– Այսպէս չէ՞ ներսի եւ դուրսի հայ կեանքը, ուր տէր ունենալու կիրքը արեւին տակ հայ կեանքի հին-նոր ոճ է,- ըսի, երբ կը բաժնուէինք:

 17 յունուար 2022

Նախորդը

Տիգրան Գալայճեանի (1973-2021) Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.