Երէկ` հինգշաբթի, 20 յունուարին, իր աւարտին հասաւ Հայաստանի ճատրակի աղջկանց 77-րդ ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Վճռորոշ հանգրուանի նախօրեակին, 6-ական կէտով առաջին եւ երկրորդ դիրքերը կը կիսէին Մարիա Գէորգեան եւ Մարիամ Մկրտչեան:
Անոնք երկուքը երէկ մրցեցան իրարու դէմ, եւ սեւ քարերով մրցող Մկրտչեան յաղթանակ արձանագրեց 63-րդ շարժումին:
Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ 2021-ի ախոյեան` Սուսաննա Գաբոյեան:
Ինչ կը վերաբերի տղոց 82-րդ ախոյեանութեան, 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Մամիկոն Ղարիբեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան:
Տղոց ախոյեանութեան աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, այժմ յառաջատարը կը շարունակէ մնալ Մանուէլ Պետրոսեան, որ ապահոված է 6,5 կէտ:
5,5 կէտ ունի Շանթ Սարգսեան, մինչ 5 կէտ` Սամուէլ Տէր Սահակեան:



