Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Ալիեւի Յայտարարութեան Մասին` «Եռանախագահներու Շրջանային Այցելութիւններու Վերսկսման Հարցին Վերաբերեալ Կողմերէն Պաշտօնական Արձագանգ Կ՛ակնկալենք» Կ՛ըսէ Զախարովա

January 21, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, կ՛աջակցի եռանախագահներու` անոնց լիազօրութեան համաձայն աշխատանքի շարունակութեան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` պատասխանելով հայ լրագրողի այն հարցումին, թէ Մոսկուան ինչպէ՞ս կը վերաբերի Ազրպէյճանի նախագահի այն յայտարարութեան, թէ Ազրպէյճանը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն պիտի չարտօնէ Ղարաբաղի հարցով զբաղիլ, եւ արդեօք Մոսկուան նոյնպէս այն կարծիքի՞ն է, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուած է»:

«Ռուսիան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, կ՛աջակցի տուեալ ձեւաչափի աշխատանքի շարունակութեան` նախ եւ առաջ անոր լիազօրութեան համաձայն եւ ի հարկէ հաշուի առնելով շրջանային իրողութիւնները, որոնք ի յայտ եկան 2020 թուականի պատերազմէն ետք: Մինսքի խմբակի մեր գործընկերները` Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան, ամբողջութեամբ կը կիսեն մեր տուեալ դիրքորոշումը: Այդ դիրքորոշումը արտացոլած է Մինսքի խմբակի համանախագահող պետութիւններու արտաքին գործող նախարարներու` նախորդ տարուան 7 դեկտեմբերի յայտարարութեան մէջ», պատասխանեց Զախարովա` յիշեցնելով, որ այդ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած է եռանախագահողներու` Պաքուին եւ Երեւանին ուղղուած մօտ օրէն շրջանին մէջ համանախագահները հիւրընկալելու կոչը, ինչ որ  անոնց պիտի արտօնէ կացութիւնը տեղւոյն վրայ գնահատել, հասնիլ շօշափելի յառաջընթացի մարդասիրական նախաձեռնութիւններու մէջ, որոնք քննարկուած են եռանախագահներու հետ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներուն ընթացքին:

Զախարովայի համաձայն,  2021 թուականի սեպտեմբերին ու նոյեմբերին Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած յիշեալ հաղորդակցութիւններուն հիմամբ համանախագահները Սթոքհոլմի մէջ 2 դեկտեմբերին տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարական ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ երկու նախարարին փոխանցած էին հաւասարակշռուած, հետագայ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերեալ շատ իրատեսական առաջարկ: Համանախագահներուն առաջարկած օրակարգը կը վերաբերի թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ ընկերաքաղաքական խնդիրներուն:

«Մենք կողմերէն պաշտօնական արձագանգ կ՛ակնկալենք, ներառեալ եռանախագահներու շրջանային այցելութիւններու վերսկսման վերաբերեալ», աւելցուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անցեալ շաբաթ ազրպէյճանական պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին սպառնացած էր «ճնշել» ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով զբաղելու փորձերը եւ աւելցուցած, թէ իր համոզումով համանախագահները «պէտք չէ զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապով, որովհետեւ ատիկա լուծուած է»:

Զախարովա անդրադարձած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Վալերի Փեքրեսի Արցախ այցելութեան:

«Կը հիմնուինք տարածքներու այցելութեան հիմնական մօտեցումներուն վրայ: Պիտի ուզէի ուշադրութեան հրաւիրել այն հանգամանքին վրայ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան հիմամբ տեղակայուած է Լաչինի միջանցքի երկայնքին, սահմանազատման գիծի երկայնքին: Այդ յայտարարութեան 6-րդ կէտին համաձայն, Լաչինի միջանցքը կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ: Ազրպէյճանը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով փոխադրական միջոցներու, քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ տեղաշարժի անվտանգութիւնը», ըսած է Զախարովա:

Ան ընդգծած է, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը հաստատած է այցելութեան կարգը, ներառեալ արտասահմանեան քաղաքացիներու, միջազգային կազմակերպութիւններու, առաքելութիւններու համար:

«Այդ կարգը յայտնի է թէ՛ ազրպէյճանական, թէ՛ հայկական կողմին: Ատիկա նախ եւ առաջ կ՛ենթադրէ ժամանակին եւ պատշաճ կերպով նման այցելութիւններու մասին տեղեկացում խաղաղապահներուն: Ատիկա մեր հիմնական մօտեցումն է», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ալիեւ յայտարարած էր, որ ֆրանսացի քաղաքական գործիչը կրնար ձերբակալուիլ Արցախ այցելելուն համար:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու Խօսած Է Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթին Մասին

Յաջորդը

Ռուս Խաղաղապահները Արցախի Մէջ Արտակարգ Իրավիճակներու Թիւի Աճ Կ՛արձանագրեն

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.