Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վերադարձաւ Լիբանան:
Ան Պէյրութ հասնելէն անմիջապէս ետք ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ երկիրը յուզող ընդհանուր հարցերը:
Ապա ան ուղղուեցաւ Տար Ֆաթուա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանը յուզող տագնապը:
Հարիրի այցելեց նաեւ Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակին մէջ գտնուող իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:



