Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Սամուէլ Ումթիթի, որ աջ ոտքի կոտրուածքի պատճառով վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի երեք ամիս, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան վիրաւորուեցաւ այս շաբաթասկիզբին` իր կազմին հետ կատարած փորձերուն ընթացքին:
Նախորդ շաբաթ Պարսելոնա իր 28 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ յունիս 2026:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան ցարդ իր կազմին հետ կատարած է միայն մրցում մը:
Նշենք, որ ան 2016-ին ֆրանսական Լիոնէն միացաւ Պարսելոնային:



