Երէկ` երկուշաբթի, 17 յունուարին մեկնարկը տրուեցաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ եղող տղոց եւ աղջկանց Ա. հանգրուանի մրցումները:
Հայկական արմատներով ռուս թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ այս մրցաշարքին դասուած է 28-րդ, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 3-6, 6-3, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ամերիկացի Տենիս Քուտլան:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ եւ 29 վայրկեան:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ այս մրցաշարքին գծով 6-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ 6-1, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Մարքոս Կիրոնը:
Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 49 վայրկեան:
35 տարեկան Նատալ, որ տիրացած է 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներուն, այսպիսով այս մրցաշարքին գծով արձանագրեց իր 70-րդ յաղթանակը:
Յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ նաեւ ճափոնցի Նաոմի Օսաքա, որ իր յաղթանակը արձանագրեց քոլոմպիացի Քամիլա Օսորիոյի դէմ` 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով:
Նշենք, որ մրցաշարքին գործող ախոյեաններն են Նովաք Ճոքովիչ եւ Նաոմի Օսաքա:




