Երէկ` երկուշաբթի, 17 յունուարին տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի տարուան լաւագոյն մարզիկի ընտրութիւնը:
Քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն մարզիչները, խմբապետները եւ մարզական լրագրողներ:
Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի:
Իսկ աղջկանց պարագային լաւագոյնը ճանչցուեցաւ Պարսելոնայի միջնապահ Ալեքսիա Փութելաս:




