Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վտանգաւոր Քայլով Մը. Եմէն Կը Հարուածէ Տուպայի Եւ Ապու Տապիի Շրջանները

January 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եմէնի Հուսիներու շարժումը վտանգաւոր քայլով մը երէկ` երկուշաբթի, 17 յունուարին քսան անօթաչու թռչող սարքերով եւ տասը հեռահար հռթիրներով հարուածեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` թիրախ ունենալով Ապու Տապի եւ Տուպայ քաղաքները, պատճառելով երեք զոհ եւ վեց վիրաւոր:

Նախքան այդ, Ապու Տապիի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ երէկ առաւօտուն, Ապու Տապիի օդակայանին մօտ փոքր հրդեհ մը ծագած է, ինչպէս նաեւ քարիւղատար երեք փոխադրակառքեր  հրկիզուած են Մուսաֆֆահ շրջանին մէջ:

Յարձակումէն ետք Եմէնի Հուսիներու զինուորական պատասխանատուն ստանձնեց յարձակման գործողութիւնը` նշելով, որ յարձակումները պիտի շարունակուին եւ պիտի ուղղուին դէպի աւելի «կարեւոր եւ զգայուն թիրախներ»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւնը իրեն վերապահեց հակադարձելու իրաւունքը: Աւելի ուշ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաա թիրախ դարձաւ փոխադարձ յարձակման, որուն հետեւանքով եղան մէկէ աւելի զոհեր ու վիրաւորներ:

Եմէնի պատկան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հուսիներու այս յարձակումը հետեւանք էր  «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ կարմիր գիծերու շրջանցումին»: Նոյն աղբիւրները կոչ ուղղեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն` վերատեսութեան ենթարկելու իրենց քաղաքականութիւնը եւ «հրաժարելու Եմէնի դէմ իրենց թշնամական կեցուածքէն»:

Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ վերջերս Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հետ զինուորական համաձայնագիրներ կնքած էին` զգալիօրէն զարկ տալով իրենց զինուժի արդիականացման: Ըստ դէտերու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ղեկավարները կը միտին այդ երկիրը վերածել Արեւելքի Զուիցերիոյ: Նմանապէս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւնները երկրի բարգաւաճման գծով իրենց գրաւը դրած են Թուրքիոյ վրայ` յուսալով այս վերջինին միջոցով թափանցել ափրիկեան եւ այլ հսկայական շուկաներ: Նոյն ծիրին մէջ, դէտեր շրջանային եւ միջազգային խիստ վտանգաւոր հետեւանքներ նկատեցին ապահովական այս մակընթացութեան «սաստկացման» պարագային:

Անդրադարձ Եւ Հակազդեցութիւն

«Սէուտական դաշնակցութիւն»-ը երէկ իբրեւ հակազդեցութիւն ռմբակոծեց Եմէնի զանազան շրջանները, յատկապէս` մայրաքաղաք Սանաան: Երէկ ուշ գիշերին, այդ յարձակումներու զոհերու թիւը հասած էր 9-ի` եւ բազմաթիւ վիրաւորներու, նիւթական կորուստներու կողքին:

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի, Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամմետ Պըն Զայէտ Ալ Նահիան չեղեալ յայտարարած է Հարաւային Քորէայի նախագահին հետ իր հանդիպումը, որ կը նախատեսուէր երէկ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն դատապարտեց Ապու Տապիի եւ Տուպայի վրայ կատարուած յարձակումները: Նմանապէս ամերիկեան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալիվըն դատապարտեց Հուսիներու կողմէ գործուած յարձակումը:

 

 

Նախորդը

Ճէյք Սալիվըն. «Եթէ Ռուսիան Կ՛ուզէ Դիւանագիտական Ճամբան, Մենք Պատրաստ Ենք»

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակակիր` 12-րդ Անգամ Ըլլալով

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.