Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվըն յայտարարեց, որ շաբթուան սկիզբը Միացեալ Նահանգներ պիտի ներկայացնեն իրենց յաջորդ դիւանագիտական քայլերը` Ուքրանիոյ մէջ ռուսական սպառնալիքներուն եւ անվտանգութեան երաշխիքներու քննարկման առնչութեամբ:
«Բայց առանցքային կէտը այստեղ այն է, որ մենք պատրաստ ենք որեւէ զարգացման: Եթէ Ռուսիան կ՛ուզէ ընթանալ դիւանագիտական ճամբով, մենք բացարձակապէս պատրաստ ենք ատիկա ընելու մեր դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն հետ միասին: Եթէ Ռուսիան ընտրէ ներխուժման (Ուքրանիա, «Ա.») ճամբան, մենք նոյնպէս պատրաստ ենք անոր վճռական պատասխան տալու», նշած է Սալիվըն:



