Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ սպանական Քատիսի մաս կազմող յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան ապաքինած ըլլալով «Քորոնա» ժահրէն, վերսկսաւ իր փորձերուն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ հայ ֆութպոլիստը ածիլեց նաեւ իր գլուխը:
Անոր կազմը այժմ կը պատրաստուի Սփորթինկ Խիխոնի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին:



